2014-03-04 12:34:52

''Խաչը եղած է միշտ Քրիստոնեայի Ճանապարհը''` ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր այսօրուայ քարոզին մէջ։


Երեքշաբթի, 4 մարտ, առաւօտեան արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց ''Քրիստոնեաներուն դիմագրաւած հալածանքներուն'' վրայ, հաստատելով թէ այսօր` շատ աւելի մարտիրոսներ կան քան սկզբնական Եկեղեցւոյ շրջանին։ Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց թէ Քրիստոնէական կեանքը ''առեւտրական առաւելութիւն մը չէ'' այլ պարզապէս ''Յիսուսի հետեւիլ է''։
Ֆրանչիսկոս Պապը` խօսքը կեդրոնացուց Մարկոսի աւետարանէն քաղուած օրուան սուրբ գրային ընթերցումին, ուր Յիսուս առաքեալներուն կը վստահեցնէ վարձատրութիւնը ըսելով ` ''Չկայ մէկը որ ինծի կամ Աւետարանին համար ձգած ըլլայ տուն, եղբայրներ, քոյրեր, հայր, մայր, զաւակներ կամ կալուածներ, եւ այժմէն իսկ չընդունի հարիւրապատիկը` .... հալածանքներով միասին ու հանդերձեալ աշխարհի մէջ` յաւիտենական կեանքը''։Ահա այս է քրիտոնեային ճանապարհը ու ճանապարհն անոնց որոնք կ՛ուզեն Յիսուսի ետեւէն ընթանալ։ Ինք հալածուեցաւ, խոնարհեցաւ, մարդեղացաւ` մինչեւ մահ` Խաչին վրայ։ Երանելիութիւններուն մէջ եւս Յիսուս կ՛ըսէ ''Երանի ձեզի երբ ձեզ կը հալածեն իմ անունիս համար''։ Առաքեալները Սուրբ Հոգւոյն գալուտէն անմիջապէս ետք սկսան քարոզել Տէրը, ու հալածանքի ենթարկուեցան։
Խաչը – ըսաւ արդ Քահանայապետը – եղած է միշտ Քրիստոնեային ճանապարհը – ու նկատել տուաւ – թէ աշխարհը չի հանդուրժեր Քրիստոսի Աստուածութիւնը, չի հանդուրժեր աւետարանի հռչակումը չի հանդուրժեր երանելիութիւնները ու ասոր համար տեղի կ՛ունենան հալածանքներ։ Ու այսօր - ըսաւ Ան - աւելի մարտիրոսներ կան քան Եկեղեցւոյ սկզբնական շրջանին։ Շատեր դատապարտուած են որովհետեւ իրենց մօտ ունին Սուրբ Գիրքը։ Շատեր ոչ իսկ կրնան խաչ հանել։ Քրիստոնէական կեանքը առեւտրական շահաբեր կեանք մը չէ, այլ պարզպաէս Յիսուսին հետեւիլ է։
''Մտաբերենք այն մեր եղբայրները որոնք պատարագի չեն կրնար մասնակցիլ որովհետեւ արգիլուած է, ու խորհինք թէ ո՞րքանով պատրաստակամ ենք կրելու Յիսուսին խաչը, կրելու հալածանքներ` Յիսուսը վկայելու համար, այնպէս ինչպէս կ՛ընեն մեր բազմաթիւ եղբայներն ու քոյերը որ խոնարհեցումի եւ հալածանքներու ենթարկուած են'' եզրափակեց Սրբազան Հայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.